Լիպըրման. «Առանց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակում Գործելու, Կարելի Չէ Հըզպալլայի Դէմ Ճակատամարտը Վճռել»

«Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նոր զինադադարը հինին կը նմանի:

Ան նշեց, որ առանց Հարաւային արուարձաններուն կամ Պաալպեքի վրայ յարձակում գործելու, կարելի չէ Հըզպալլայի դէմ ճակատամարտը վճռել:

«7 հոկտեմբերի կառավարութիւնը իսրայէլեան բանակի ձեռքերը կը կապէ, եւ մեր զինուորներն ու հիւսիսի բնակիչները Հըզպալլայի համար բռնցքամարտի տոպրակի կը վերածէ», աւելցուց Լիպըրման:

Միւս կողմէ, աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են, որ իսրայէլեան բանակը Նապաթիէ քաղաքի մերձակայքին մէջ  ցամաքային սահմանափակ գործողութեան ձեռնարկած է` զինեալներ եւ ականներ բացայայտելու համար:

Կայքը կ՛աւելցնէ, որ Նապաթիէն Հըզպալլայի համար ռազմավարական եւ խորհդանշական արժէք ունի:

Աղբիւրները կայքին յայտնած են, թէ բանակը կը նախատեսէ անկումը Նապաթիէին, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է, եւ այդ զարգացումը մեծ ցնցում մը պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ Պէյրութը ամերիկեան անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ:

Leave a Comment