Զամիր. «Պիտի Շարունակենք Հըզպալլային Կրած Վնասը Խորացնել»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց. «Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ անմիջական պատրաստուածութիւնը պահպանել Իրանի մէջ կռիւի վերադառնալու համար»:

«Իրանի մէջ մեր գործադրած յարձակումը նախերգանքն էր աւելի ուժեղ եւ շատ աւելի լայնածաւալ հարուածի մը: Մենք պատրաստ ենք վերադառնալու եւ Իրանին մէկ այլ ծանր ու խոր հարուած հասցնելու», ըսաւ ան:

«Իրանի նոր հաւասարակշռութիւնները պարտադրելու եւ իրողութիւնը փոխելու փորձը պիտի ձախողի», նշեց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

«Պիտի շարունակենք աշխատիլ խորացնելու այն վնասը, որ Հըզպալլային կը հասցնենք, եւ պաշտպանելու հիւսիսի գիւղերը», յայտնեց Զամիր:

«Մենք պատրաստ վիճակի մէջ ենք եւ ուժեղ պիտի գործենք ամէն տեղ, որ մեզի սպառնալիք կը նկատենք», աւելցուց ան:

 

Leave a Comment