Քլէյաաթի Օդակայանը Վերաբացուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Քլէյաաթի «Ռընէ Մուաուատ» օդակայանի պաշտօնական բացումը: Այս առիթով վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի ընկերակցութեամբ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն օդանաւով ուղղուեցաւ Քլէյաաթի օդակայան:

Սալամ օդակայանի վերաբացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Քլէյաաթի օդակայանի վերաբացումը պետութեան իմաստի վերականգնումն է, եւ մօտ օրէն այս օդակայանէն թռիչքներ պիտի կատարուին»:

«Այսուհետեւ մոռացութեան մատնուած շրջաններ պիտի չըլլան,  յետաձգուած բարգաւաճում ալ պիտի չըլլայ: Քլէյաաթի օդակայանը Պէյրութի օդակայանին այլընտրանքը չէ, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի արդիական եւ ամբողջական օդանաւորդական կառոյցի», նշեց վարչապետը:

«Ինչպէս Լիբանանի մէջ կայունութիւն չկայ, այնքան ատեն որ հարաւային Լիբանանը սպառնալիքի տակ է, անիկա նաեւ ոտքի պիտի չվերականգնի, եթէ Աքքարը անտեսուած եւ Պեքան զրկուած մնան», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Քլէյաաթի օդակայանին մէջ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ Լիբանան իր ճակատագիրը կ՛որոշէ առանց որեւէ մէկուն միջամտութեան: Ուաշինկթընի բանակցութիւնները շատ կարեւոր էին»:

Ան ըսաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասեմ ուզածին պէս կ՛որոշէ, եւ մենք եւս կ՛որոշենք»:

 

Leave a Comment