Թրամփ. «Լիբանանեան Թղթածրարը Որոշ Չափով Տարբեր Է, Սակայն Իրանին Կապուած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Լիբանանեան թղթածրարը որոշ չափով տարբեր է, սակայն Իրանին կապուած է: Կը կարծեմ` Լիբանանի հարցով բաներ տեղի պիտի ունենան, եւ կը կարծեմ, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»:

Թրամփ նշեց, որ խօսած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Հըզպալլայի հետ, «եւ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող այս հակամարտութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:

«Անջրպետէն կը հետեւինք իրանեան հիւլէական դիրքերուն, եւ անոնց մօտեցողին հետ պէտք եղածին պէս պիտի վարուինք: Իրանէն հիւլէական նիւթերը առնելու համար մասնայատուկ ուժերու ուղարկումը քննարկեցինք, սակայն չուզեցի ինքզինքս Ճիմի Քարթըրի կացութեան նման կացութեան մէջ գտնել», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին հետ հանդիպումի չեմ ձգտիր, սակայն եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, կրնամ անոր հետ հանդիպում ունենալ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Պատերազմին մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրենք Իրանի հետ բանակցութիւններու կամ այլ միջոցով, սակայն հաստատօրէն պիտի յաղթենք», նշեց Թրամփ:

Leave a Comment