Զօր. Հայքալ Այցելեց Փաքիստան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիր երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ, որ շաբաթ օր հասաւ Փաքիստան:

Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անոնք համաձայնեցան իրենց երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Այցելութեան օրակարգին ծանօթ աղբիւր մը ԱՖՓ-ին ըսաւ. «Լիբանանը (Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ) բանակցութիւններուն հիմնական բաժին մըն է»:

Փաքիստանեան բանակը հաղորդակցութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու բանակներուն հրամանատարները քննարկած են «հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող, զարգացող շրջանային ապահովական կացութեան, պաշտպանական գործակցութեան վերաբերող հարցեր եւ երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հորիզոնները»:

Մունիր շեշտած է, որ փաքիստանեան բանակը յանձնառու է լիբանանեան զինեալ ուժերուն հետ պաշտպանական գործակցութիւնը ընդլայնելու:

Զօր. Հայքալ շաբաթ օր Փաքիստան մեկնած էր իր պաշտօնակից Ասեմ Մունիրի հետ հանդիպում ունենալու համար:

 

 

Leave a Comment