Իսա. «Այն, Ինչ Որ Երէկ Տեղի Ունեցաւ, Քաղաքական Պատգամ Է, Եւ Մենք` Իբրեւ Ամերիկա, Որոշեցինք, Որ Ճակատումը Աւելի Չընդլայնի»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններու հոլովոյթը եւ անդրադարձանք Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վերջ տալու վերաբերեալ անոր բովանդակութեան»:

«Լիբանանեան թղթածրարին առաջնահերթ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեւաբար Լիբանանի մասին կը խօսի», ըսաւ դեսպանը:

«Կը նախատեսուի, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները շարունակուին, եւ ինծի համար կարեւոր է բարձր գնահատել լիբանանեան բանակցային պատուիրակութիւնը, որ բարձր արհեստավարժութիւն ունի», աւելցուց ան:

«Այն, ինչ որ երէկ տեղի ունեցաւ, քաղաքական պատգամ է, եւ մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ որոշեցինք, որ ճակատումը աւելի չընդլայնի», նշեց Իսա` անդրադառնալով Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ յարձակումներուն, որոնք ընթացք առին կիրակի օր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին իրանեան հակադարձութենէն ետք:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանին մէջ մագլցումին վտանգաւորութիւնը, Լիբանանի վրայ անոր ազդեցութիւնը եւ Ուաշինկթընի մէջ բանակցային յաջորդ փուլի պատրաստութիւնները:

Սալամ դեսպան Իսային յայտնեց. «Ոչ ոք Լիբանանի վերաբերեալ կը բանակցի, բացի լիբանանեան պետութենէն»:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի վրայ իր յարձակումը դադրեցնէ, վերջինս Պէյրութի Հարաւային արուարձանները պիտի չթիրախաւորէ»:

 

Leave a Comment