Իսրայէլեան Բանակը Յարձակում Գործելով Լիբանանեան Բանակի Զինուորներ Սպաննեց

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ շարք մը զինուորներ, որոնց շարքին բարձրաստիճան սպայ մը, նահատակուած են իսրայէլեան օդային յարձակումի մը հետեւանքով, որ Խարտալի-Նապաթիէ ճամբուն վրայ հարուածած է զինուորական մեքենայ մը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը` զայն նկատելով լիբանանեան գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում:

«Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան, վերջ տալու Իսրայէլի յարձակումներուն եւ երաշխաւորելու միջազգային օրէնքներու յարգումը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնեց բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զինուորներու նահատակութեան առիթով:

Պըրրի ըսաւ, որ ոճիրը բնաւ սխալ կամ շփոթ չէ, ինչպէս Իսրայէլ կը փորձէ զայն արդարացնել:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ լիբանանեան բանակին ու նահատակներու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց` նշելով. «Անոնց թիրախաւորումը յստակ ոճիր է եւ Լիբանանի ու բոլոր լիբանանցիներուն թիրախաւորում»:

Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մեր հայրենասէր բանակին պատկանող զինուորական ինքնաշարժի մը վրայ սիոնական յարձակումը բացայայտ ոճիր է եւ տեղի ունեցաւ իշխանութեան` երկրին գերիշխանութիւնը անտեսելուն պատճառով»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց լիբանանեան բանակի թիրախաւորումը եւ կոչ ուղղեց` Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները անմիջապէս դադրեցնելու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակէն արձանագրուած նահատակներուն համար եւ նշեց. «Անոնց թիրախաւորումը յստակ ոճիր է եւ կը հաստատէ, որ թշնամին Լիբանանը իր բոլոր տարրերով կը թիրախաւորէ»:

 

 

Leave a Comment