Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի անդրադարձաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի «Սի.Էն.Էն.»-ին տուած հարցազրոյցին եւ նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի յայտարարութիւններուն վրայ հիմնուելով մարդ կը մտածէ, թէ Իրանն է, որ Լիբանանի տարածքին մէկ հինգերորդը գրաւած է, լիբանանցիներուն քառորդը տեղահանած է եւ առօրեայ կերպով անոր երկիրը կը ռմբակոծէ»:
«Եթէ Լիբանանը Իրանի համար սակարկութեան քարտ ըլլար, շատոնց համաձայնութեան հասած կ՛ըլլայինք», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Արաղչի խօսքը նախագահ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Լիբանանը քու իսկական թշնամիէդ փրկէ՛»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի իր կարգին լիբանանեան բարբառով գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Մօտը կանգնողը կը ծախէ եւ կը գնէ իր դէմ կանգնողը: Իրեն թիկունք կանգնողը կը լքէ, եւ զինք խեղթողին ետեւէն կը քալէ»:
Յիշեցնենք, որ հանրապետութեան նախագահը «Սի.Էն.Էն.»-ի աւագ լրագրող Քրիսթիան Ամանփուրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու հետ իր բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ սակարկութեան խաղաքարտ կ՛օգտագործէ», եւ ըսաւ, թէ Թեհրան «իր սեփական շահին համար կը գործէ», մինչ լիբանանցի ժողովուրդն է, որ «գինը կը վճարէ»:
Ան նաեւ մերժեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ վերջինս Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան իբրեւ մաս Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացման կոչ ուղղեց: Ան խօսքը պահակագունդին ուղղելով ըսաւ. «Ասիկա ձեր երկիրը չէ, մեր երկիրն է»: