Իսպանիայի հավաքականը դարձավ Աշխարհի չեմպիոն – Ազգ

Հուլիսի 19-ին, Նյու Յորքի Նյու Ջերսի մարզադաշտում կայացավ ֆուտբոլի 2026 թվականի Աշխարհի առաջնության եզրափակիչը, որում հանդիպեցին Իսպանիայի ու Արգենտինայի հավաքականները։ Իսպանացիները լրացուցիչ ժամանակում 1:0 հաշվով պարտության մատնեցին Արգենտինային։ Խաղի 106-րդ րոպեին Արգենտինայի դարպասը գրավեց Իսպանիայի հավաքականի հարձակվող Ֆերան Տորեսը։ Իսպանիայի հավաքականը երկրորդ անգամ նվաճեց աշխարհի գավաթը։

Քիւրքճեան Արժանացած Է Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի Շքանշանին

Ֆրանսահայ անուանի օծանելիքագործ (parfumeur), «Տիոր»-ի բուրմունքներու բաժանմունքի ստեղծագործական բաժինի տնօրէն եւ «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին` «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի շքանշանին: Այս մասին հաղորդեց «Նոր Յառաջ»-ը: Քիւրքճեան այս պատիւը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած իր մեծ ծնողներուն` ընդգծելով, որ անոնց քաջութիւնն ու արժէքները խորագոյն … Read more

Նախագահ Աուն Ուաշիկթըն Կ՛այցելէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շուրջ 20 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր երեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Անցեալ շաբաթ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Աուն ըսած է, որ Թրամփէն պիտի խնդրէ «Իսրայէլի վրայ … Read more

Ուահապ. «Շարհը Լիբանան Մուտք Պիտի Գործէ»

Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք ունի տեղեկութիւններ, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Լիբանան մուտք պիտի գործէ, սակայն կան շրջանցումը արգիլուած կարմիր գիծեր, որոնց շարքին է տիւրզիական եւ քրիստոնէական շրջաններ մուտք գործելը: «Լիբանան մուտք գործելու Շարհի պայմանը լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը, լիբանանեան բանակին դէմ չդնելու դիրքորոշումը եւ Դամասկոսը պաշտպանելու համար օդային աջակցութիւնն է», ըսաւ ան` … Read more

Ռայի Պատրիարք. «Մեր Ընտրանքը Խաղաղութիւնն Է, Եւ Լիբանան Պէտք Է Ճշմարտութեան Ուղին Ընտրէ, Եւ Ոչ Թէ Պատրանքներու»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Աննայայի Մար Մարուն վանքին մէջ Ս. Շարպելի տօնին առիթով իր մատուցած պատարագի քարոզին մէջ յայտնեց. «Մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն է, եւ Լիբանան պէտք է ճշմարտութեան ուղին ընտրէ, եւ ոչ թէ` պատրանքներու»: Ան անհրաժեշտ նկատեց աջակցիլ պետութեան հեղինակութիւնը եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերականգնող իւրաքանչիւր քայլի` շեշտելով, որ ամէն համաձայնութիւն, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կը պահպանէ … Read more

Շէյխ Ֆատլալլա. «Կը Յուսայինք, Որ Պետութիւնը Առկախէ Բանակցութիւնները»

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա, մեկնաբանելով խորհրդարանին մէջ նիստերու ընթացքին քննարկումներու մթնոլորտը, իր ափսոսանքը արտայայտեց ժողովուրդի որոշ ներկայացուցիչներու վարքագիծին համար` հաշուի առնելով, որ կոպիտ խօսքերու եւ լարուած հռետորաբանութեան օգտագործումը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ իւրաքանչիւր խումբի ժողովրդային զանգուածին վրայ: «Մենք յոյս ունէինք, որ այս նիստերը ուղիղ չէին սփռուեր` փողոցի վրայ անոնց ձգած հետեւանքներուն եւ ազդեցութեան պատճառով», ըսաւ ան: Սէյիտ … Read more

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Փոխադրամիջոցային Եւ Տնտեսական Հաղորդակցութիւններու Կարգաւորման»

Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու կարգաւորման, մարդասիրական հարցերու լուծման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն` ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք … Read more

2026-ի Մոնտիալ. Անգլիա – Ֆրանսա` 6-4 – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

1966-ի Մոնտիալէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը գրաւեց Մոնտիալի մետալներու դիրք մը` պարտութեան մատնելէ ետք Ֆրանսան 6-4 արդիւնքով 3-րդ դիրքի մրցումին: Մրցումը շատ հարուստ էր կոլերով, երկու խումբերու համակիրներն ալ ուրախ վերադարձան դաշտէն` կոլերու փառատօն մը դիտելով: Երկու խումբերէն ալ մեծ թիւով պահեստի մարզիկներ սկսան մրցումը, որ եղաւ առանց ճնշումի եւ բաց: … Read more

Պասքեթպոլ. Ռիատի Եւ Սաժես Հասան Աւարտական

Յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի աւարտական մրցումին Ռիատի պիտի մրցի Սաժեսի դէմ: Երբ 1993-էն ետք պասքեթպոլի ձեւը փոխուեցաւ, Սաժես որոշ ժամանակ փայլեցաւ Անթուան Շուէյրիի օրերուն, բայց Ռիատի աւելի ամուր հիմերու վրայ ըլլալով կրցաւ տիրապետել 2005-էն սկսեալ` շահելով 16 տիտղոսներ եւ գերազանցելով Սաժեսի 8 տիտղոսները, որոնց վերջինը 2003-2004 տարեշրջանին էր: Այս տարեշրջանին Սաժես բաւական … Read more

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Արագ Ճատրակի 4-րդ Դիրքին Վրայ

Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Պիել միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի նախկին թիւ 1 դասուած Լեւոն Արոնեան, որ 2021-էն ի վեր կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, արագ ճատրակի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւելէ ետք կրցաւ արագ ճատրակի ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը գրաւել` գերազանցելով ամերիկացի Հիքարոս Նաքամուրան, որ նահանջեց 5-րդ դիրք: Պիել միջազգային մրցաշարքը երեք ճակատներու վրայ տեղի կ՛ունենայ` Քլասիք, … Read more