1966-ի Մոնտիալէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը գրաւեց Մոնտիալի մետալներու դիրք մը` պարտութեան մատնելէ ետք Ֆրանսան 6-4 արդիւնքով 3-րդ դիրքի մրցումին:
Մրցումը շատ հարուստ էր կոլերով, երկու խումբերու համակիրներն ալ ուրախ վերադարձան դաշտէն` կոլերու փառատօն մը դիտելով: Երկու խումբերէն ալ մեծ թիւով պահեստի մարզիկներ սկսան մրցումը, որ եղաւ առանց ճնշումի եւ բաց:
Մայեմիի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը, որ եղաւ Տիտիէ Տեշանի վերջինը` իբրեւ Ֆրանսայի մարզիչ (14 տարի ետք),սկսաւ շատ արագ, եւ մինչ Ֆրանսա կը փորձէր յարձակում մը սկսիլ, Տեզիրէ Տուէի փոխանցումը ընդմիջեց Անգլիոյ (օրուան) խմբապետ Տեքլան Ռայս, որ դաշտի կեդրոնէն յառաջանալէ ետք աջ ոտքի անզսպելի հարուածով գրաւեց Ֆրանսայի բերդը:
3 վայրկեաններ չէին ամբողջացած, եւ արդէն իսկ կոլ նշանակած էր Ռայս: Առանց Հերի Քէյնի եւ Ճուտ Պելինկհամի, Պուքայօ Սաքա կոլ մը եւս աւելցուց 9 վայրկեան ետք, սակայն օֆ-սայտ էր:
18-րդ վայրկեանին Ռայսի քոռնըրէն ետք Էզրի Քոնսա գլխու հարուածով նշանակեց Անգլիոյ երկրորդ կոլը:
35-րդ վայրկեանին Ֆրանսայի առաջին լուրջ վտանգը ստեղծեց Քիլիան Էմպափէ, սակայն այդ վտանգը զսպեց պահեստի բերդապահ Տին Հենտիրսոնը դէպի քոռնըր:
Մարքուս Ռաշֆորտ – Պուքայօ Սաքա զոյգը վտանգաւոր յարձակում մը կազմակերպեց, բայց Ֆրանսայի պաշտպանողական գիծը քանի մը անգամ զսպելէ ետք չկրցաւ զսպել Սաքայ երկրորդ առիթը:
45-րդ վայրկեանը անցած էր, երբ նոյնինքն Սաքա Էզէի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք գրաւեց Մենիանի բերդը:
Կիսախաղին 4-0 արդիւնքով ետ մնացած Ֆրանսա 4 փոփոխութիւններ կատարեց, ուր Ուսման Տեմպելէ, Պրատլի Պարքոլա, Լուքաս Տինէ եւ Տայօ Ուփամեքանօ փոխարինեցին Ռայան Շերքին, Տեզիրէ Տուէն, Թէօ Հեռնանտեսը եւ Իպրահիմա Քոնաթէն:
Արդիւնքը անմիջապէս փոխուեցաւ, եւ Օլիսէի փոխանցումէն ետք Քիլիան Էմպափէ նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը: Այս կոլը Էմպափէի 21-րդն էր Մոնտիալի մրցումներուն գծով, այս թիւով ան հաւասարեցաւ Լիոնել Մեսսիի կոլերու քանակին:
5 վայրկեան ետք, Էմպափէ այս անգամ փոխանցեց Պարքոլային, որ նշանակեց Ֆրանսայի երկրորդ կոլը: Ֆրանսա շատ աւելի լաւ կը խաղար, քան առաջին կիսախաղը, բայց Հենտերսոնի կարեւոր զսպումը Ֆրանսան արգիլեց երրորդ կոլ մը նշանակելէ 57-րդ վայրկեանին:
66-րդ վայրկեանը պատմական եղաւ Ֆրանսայի համար: Օլիսէ կատարեց էսիսթ մը, իսկ Էմպափէ նշանակեց կոլ մը: Ասիկա Օլիսէի 7-րդ էսիսթն էր այս Մոնտիալին, որ ինքնին մրցանիշ մըն է 1 Մոնտիալի ընթացքին, մինչ Էմպափէ իր 22-րդ կոլը նշանակեց 3 Մոնտիալներու ընթացքին եւ Մոնտիալի ոսկի կօշիկի գլխաւոր թեկնածուն եղաւ 10 կոլերով` 2 կոլով գերազանցելով Մեսսին Մոնտիալի աւարտականէն առաջ: 1970-ի Մոնտիալէն ի վեր (Կերտ Միւլեր) ոչ մէկ մարզիկ կրցած էր 10 կոլ նշանակել մէկ Մոնտիալի ընթացքին:
10 վայրկեան ետք, Էմպափէ գետին բերուեցաւ Անգլիոյ մեծ քառակուսիին մէջ, բայց… իրաւարարը չհամոզուեցաւ, հակառակ ֆրանսական գանգատներուն: Արդիւնքը կրնար հաւասարիլ այս պահուն, անշուշտ եթէ փենալթի տրուէր:
Դաշտ ներկայացաւ Ճուտ Պելինկհամ եւ մրցումին ընթացքը քիչ մը աւելի հաւասարակշռուեցաւ: Մէկ վայրկեան ետք Պելինկհամ կոլ նշանակելու առիթ ունէր, բայց Մենիան լաւ ձեւով զսպեց զայն: Մրցումը հետզհետէ «կը տաքնար»: Օլիսէ վայրկեան մը ետք 4-րդ կոլի առիթ կորսնցուց, երբ Տեմպելէի փոխանցումէն ետք անոր հարուածը սիւնին քովէն անցաւ:
85-րդ վայրկեանին Կուսթոյի ֆաուլէն ետք Անգլիա փենալթի մը շահեցաւ, որ կոլի վերածեց Սաքա` ամբողջացնելով իր հեթ-թրիքը:
Ուփամեքանոյի փոխանցումէն ետք Ուսման Տեմպելէ նշանակեց Ֆրասայի 4-րդ կոլը: 95-րդ վայրկեանին: Մօտ 2 վայրկեան կար տակաւին, եւ Ֆրանսա կը ճնշէր նշանակելու հաւասարութեան կոլը:
Ուփամեքանօ յարձակում մը կը կազմակերպէր, երբ գնդակը իրարանցումով կորսուեցաւ եւ հասաւ Պելինկհամին, որ անձնական ճիգերով խաղի բերաւ քանի մը մարզիկ եւ նշանակեց Անգլիոյ 6-րդ կոլը: Ասիկա Պելինկհամի 7-րդ կոլն էր այս Մոնտիալին, մինչ Տեմպելէ 6 կոլերով աւարտեց Մոնտիալը: