Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք ունի տեղեկութիւններ, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Լիբանան մուտք պիտի գործէ, սակայն կան շրջանցումը արգիլուած կարմիր գիծեր, որոնց շարքին է տիւրզիական եւ քրիստոնէական շրջաններ մուտք գործելը:
«Լիբանան մուտք գործելու Շարհի պայմանը լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը, լիբանանեան բանակին դէմ չդնելու դիրքորոշումը եւ Դամասկոսը պաշտպանելու համար օդային աջակցութիւնն է», ըսաւ ան` նշելով. «Շարհը Լիբանան մտցնելու նպատակը սիւննի-շիի սադրանք յառաջացնելն է»:
Ուահապ «Էմ.Թի.Վի.»-ին յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի:
Ըստ անոր, «Ուալիտ Ժոմպլաթը «ժամանակավրէպ» դարձած է եւ տիւրզիներուն 10 առ հարիւրը կը ներկայացնէ, իսկ ես շրջանին մէջ տիւրզիներուն 90 առ հարիւրը կը ներկայացնեմ: Եւ Իսրայէլի տիւրզիներուն եւ շէյխ Մուաֆաք Զարիֆին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որովհետեւ անոնք Սուէյտայի տիւրզիները փրկեցին: «Իմ կարծիքովս, Ժոմպլաթ Սուրիոյ տիւրզիները ծախեց, եւ Շարհին անոր առաջին այցելութենէն ետք Սահմայայի եւ Աշրաֆիէի ջարդը տեղի ունեցաւ, իսկ երկրորդ այցելութենէն ետք` Սուէյտայի ջարդը»:
«Ես երկիրը, սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին կատարածին նման, «ՈւացԱփ»-ի ճամբով ղեկավարելուն դէմ եմ: Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին կ՛ըսեմ, թէ զինք կը սիրենք, սակայն Լիբանանը այսպէս` Հաֆեզ Ասատին ըրածին պէս չի կառավարուիր», աւելցուց ան: