Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու կարգաւորման, մարդասիրական հարցերու լուծման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն` ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք համապարփակ կարգաւորման` 2020 եւ 2022 թուականներուն ձեռք բերուած բարձրագոյն մակարդակի եռակողմ համաձայնութիւններու համալիրի հիման վրայ: Ինչպէս նախապէս, պատրաստ ենք աջակցելու թէ՛ Պաքուին, թէ՛ Երեւանին փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, մարդասիրական հարցերու լուծման գործին մէջ», ըսած է նախարարը: