Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա, մեկնաբանելով խորհրդարանին մէջ նիստերու ընթացքին քննարկումներու մթնոլորտը, իր ափսոսանքը արտայայտեց ժողովուրդի որոշ ներկայացուցիչներու վարքագիծին համար` հաշուի առնելով, որ կոպիտ խօսքերու եւ լարուած հռետորաբանութեան օգտագործումը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ իւրաքանչիւր խումբի ժողովրդային զանգուածին վրայ:
«Մենք յոյս ունէինք, որ այս նիստերը ուղիղ չէին սփռուեր` փողոցի վրայ անոնց ձգած հետեւանքներուն եւ ազդեցութեան պատճառով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Ֆատլալլա բանակցութիւններու վերաբերեալ իր կարծիքը յայտնելով նշեց. «Հաշուի առնելով թշնամիի անզիջողականութիւնն ու ձգձգումները, մենք յոյս ունէինք, որ պետութիւնը, հակառակ իր վրայ գործադրուող բոլոր ճնշումներուն, պիտի դադրեցնէ այդ բանակցութիւնները, որովհետեւ թշնամին զանոնք կը շահագործէ` իրականացնելու իր ծրագիրը, որուն նպատակը իր ներկայութիւնը ամրապնդելու համար ուղղուած է շրջանը իր ժողովուրդէն դատարկելուն եւ կեանքի հիմքերը ոչնչացնելուն: Այս իրականութիւնը կը պահանջէ, որ բոլոր ուժերը միաւորեն եւ զօրաշարժի ենթարկեն բոլոր գոյութիւն ունեցող ներուժերն ու գործօնները` այս մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, եւ ոչ թէ պառակտուածութեան ու մասնատուածութեան վիճակը շարունակեն»:
Շրջանին մէջ հաւանական իրադարձութիւններէն իր սպասումներուն անդրադառնալով` սէյիտ Ֆատլալլա յոյս յայտնեց, որ կացութիւնը կ՛ընթանայ դէպի զինադադար եւ բանակցութիւններու մեկնարկ, որոնք կը յանգեցնեն համաձայնութիւններու, որոնք շրջանը զերծ պիտի պահեն լայնածաւալ պայթումէն, որ ոչ ոքի շահերէն կը բխի: Ան նշեց, որ մինչեւ հիմա մենք ականատես կ՛ըլլանք անաւարտ կարգաւորումներու, որոնք աւելի կացութեան սառեցման ուղղուած են, քան համապարփակ լուծումներ գտնելուն:
Ան աւելցուց, որ աշխարհին վերահսկող տէրութիւնները յաճախ կը գործեն իրենց սեփական շահերուն եւ իրենց ժողովուրդներու բարեկեցութեան հաշուարկներով, այլ ոչ թէ մարդասիրական նկատառումներով: