Նախագահ Աուն Ուաշիկթըն Կ՛այցելէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շուրջ 20 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր երեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

Անցեալ շաբաթ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Աուն ըսած է, որ Թրամփէն պիտի խնդրէ «Իսրայէլի վրայ անհրաժեշտ ճնշումը բանեցնել»` գործադրելու համար 26 յունիսին Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախագահ Աուն Թրամփին պիտի ներկայացնէ գրաւոր առաջարկ մը` Հըզպալլայի հսկայական զինանոցը կազմաքանդելու վերաբերեալ:

Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ Աուն կը կարծէ, թէ միայն Թրամփ անհրաժեշտ լծակները ունի Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու` իր ուժերը հեռացնելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանին իր գերիշխանութիւնը վերականգնելու օգնելու:

Նախագահ Աուն Ուաշինկթընի մէջ իր պաշտօնական հանդիպումները երէկ սկսաւ այցելելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Ռուպիոն այսօր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահ Աունի հետ: Անոնք եռակողմ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնը քննարկեցին:

«Ռուպիօ Աունին վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է աջակցելու շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան:

«Ռուպիօ բարձր գնահատեց լիբանանեան կառավարութեան Հըզպալլան զինաթափելու, անոր ենթակառոյցը կազմաքանդելու եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու ջանքերը:

«Ռուպիօ վերահաստատեց խաղաղութեան հաստատման եւ տնտեսական առողջացման իրագործման լիբանանեան կառավարութեան ջանքերուն աջակցութիւնը»:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթընէն ձեռնունայն պիտի չհեռանայ»:

 

 

Leave a Comment