Ռայի Պատրիարք. «Մեր Ընտրանքը Խաղաղութիւնն Է, Եւ Լիբանան Պէտք Է Ճշմարտութեան Ուղին Ընտրէ, Եւ Ոչ Թէ Պատրանքներու»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Աննայայի Մար Մարուն վանքին մէջ Ս. Շարպելի տօնին առիթով իր մատուցած պատարագի քարոզին մէջ յայտնեց. «Մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն է, եւ Լիբանան պէտք է ճշմարտութեան ուղին ընտրէ, եւ ոչ թէ` պատրանքներու»:

Ան անհրաժեշտ նկատեց աջակցիլ պետութեան հեղինակութիւնը եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերականգնող իւրաքանչիւր քայլի` շեշտելով, որ ամէն համաձայնութիւն, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կը պահպանէ եւ անոր իրաւունքները կը պաշտպանէ, արժանի է աջակցութեան, եթէ բոլոր կողմերը պարտաւորուին կատարել իրենց պարտաւորութիւնները:

Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց շրջագծային համաձայնագիրի լիարժէք գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` հաշուի առնելով, որ գործօն չէզոքութիւնը ազգային տարբերակ մըն է, որ կը համապատասխանէ Լիբանանի ինքնութեան ու առաքելութեան, կը պաշտպանէ զայն առանցքներու հակամարտութիւններէն եւ կը վերականգնէ անոր պատմական դերը:

 

Leave a Comment