Յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի աւարտական մրցումին Ռիատի պիտի մրցի Սաժեսի դէմ:
Երբ 1993-էն ետք պասքեթպոլի ձեւը փոխուեցաւ, Սաժես որոշ ժամանակ փայլեցաւ Անթուան Շուէյրիի օրերուն, բայց Ռիատի աւելի ամուր հիմերու վրայ ըլլալով կրցաւ տիրապետել 2005-էն սկսեալ` շահելով 16 տիտղոսներ եւ գերազանցելով Սաժեսի 8 տիտղոսները, որոնց վերջինը 2003-2004 տարեշրջանին էր:
Այս տարեշրջանին Սաժես բաւական լաւորակ մարզիկներ ձեռք ձգեց, բայց տակաւին կայունութեան հարցեր ունի:
Շաբաթ գիշեր Սաժես կիսաւարտականի իր 4-րդ ճակատումին կրցաւ 95-83 արդիւնքով պարտութեան մատնել Սանթրալը` զայն դուրս ձգելով 3-1 արդիւնքով:
Օր մը առաջ, ախոյեան Ռիատի 90-65 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Անթունիէն, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր կիսաւարտական: Անթունիէ անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրած էր առաջին ճակատումին` Մանարայի մէջ, բայց այդ մրցումէն ետք Ռիատի բնաւ սխալ քայլ չնետեց եւ իր սխալներէն սորվելով կրցաւ 3 յաջորդական հանգիստ յաղթանակներ արձանագրելով հասնիլ աւարտական:
Չորեքշաբթի օր կը սկսին աւարտականի ճակատումները Մանարայի մէջ, որ կը շարունակուին ուրբաթ, կիրակի, երեքշաբթի, հինգշաբթի, շաբաթ եւ երկուշաբթի օրերու դրութեամբ: Այն խումբը, որ 4 յաղթանակ կ՛արձանագրէ, կը դառնայ Լիբանանի ախոյեան: