Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Արագ Ճատրակի 4-րդ Դիրքին Վրայ

Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Պիել միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի նախկին թիւ 1 դասուած Լեւոն Արոնեան, որ 2021-էն ի վեր կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, արագ ճատրակի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւելէ ետք կրցաւ արագ ճատրակի ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը գրաւել` գերազանցելով ամերիկացի Հիքարոս Նաքամուրան, որ նահանջեց 5-րդ դիրք:

Պիել միջազգային մրցաշարքը երեք ճակատներու վրայ տեղի կ՛ունենայ` Քլասիք, արագ եւ կայծակնային:

Արոնեան Թրիաթլոնի արդիւնքով կը գրաւէ առաջին դիրքը, հակառակ անոր որ Քլասիք եւ կայծակնային մրցումներուն անոր ելոյթները բնականաբար նոյնքան յաջող չեն:

Նորվեկիացի Մակնուս Քարլսեն երեք ոճերուն ալ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքերը կը գրաւէ:

Նշենք, որ Լեւոն Արոնեան Քլասիք ճատրակի ընդհանուր դասաւորման 24-րդ դիրքը կը գրաւէ, դիրք մը, որ կը գրաւէ նաեւ կայծակնային ոճի դասաւորման մէջ ալ:

Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան կայծակնային ճատրակի 31-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ արագ ճատրակի պարագային` 58-րդ դիրքը: Քլասիք ճատրակի դասաւորման մէջ Մարտիրոսեան կը գրաւէ 63-րդ դիրքը:

 

Leave a Comment