Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի Միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի եւ տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի: Մեծապէս դրական եւ շինիչ քննարկումով հանդիպումի ընթացքին Սալամ ներկայացուց կառավարութեան ձեռնարկած բարեկարգչական աշխատանքները: Վարչապետը այս ծիրին մէջ նշեց, որ ելեւմտական բացի օրինագիծը կը հաստատէ հաշուետուութեան սկզբունքը … Read more

Շէյխ Քապալան Պետութիւնը Կ՛ամբաստանէ Հարաւը, Պեքան Ու Հարաւային Արուարձանները Լքելու Յանցանքով

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ամենայն անկեղծութեամբ, լիբանանեան պետութիւնը վերստին կը կատարէ իր պատմական դերակատարութիւնը` դիտաւորեալ, նպատակաւոր եւ բացայայտ կերպով Պեքան, Հարաւը եւ Հարաւային արուարձանները լքելով: «Կը ցաւինք ըսելու, որ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն վերացնել կամ չէզոքացնել շիի համայնքը, եւ պետութիւնը խստօրէն կը մեղադրուի այս հարցին մէջ: … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Սապունճեանն Ու Մըրը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանն ու Կապրիէլ Մըրը: Բարեկամական հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ներկայացնելու նախարարութեան ծրագիրները եւ անցեալ տարուան ընթացքին կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւններն ու խորհրդաժողովները, զորս կը պատրաստէ այս տարուան համար:  

Արդարադատութիւնը Դէմ Կը Կանգնի Հանրապետութեան Նախագահը Վիրաւորելու Արշաւին

Արդարադատութիւնը սկսաւ հետապնդման ենթարկել Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը վիրաւորելու արշաւին մեղսակիցները, որոնք զինք կը քննադատեն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն կառչելու համար: Նախագահը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ նշած էր, որ լիբանանեան բանակը Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանը «մաքրեց» ապօրինի զէնքէն: Այդ եզրը զայրացուցած էր Հըզպալլայի համակիրները եւ նոյն գիշերը անոնցմէ հարիւրաւորներ Հարաւային … Read more

Պու Սաապ. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ներկայ ընտրական օրէնքը որակեց «կաղ, համայնքայնութիւնը ամրագրող, եւ գործնական գետնի վրայ ցոյց տուաւ, թէ բազմաթիւ բացեր կը բովանդակէ: Անոր բարեփոխումը կամ փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ ընտրութիւններու ժամկէտի ճշդում, եւ ատոր շուրջ պէտք է ներքին համախոհութիւն ըլլայ, բան մը, որ ապահովուած չէ»: «Գնդակը կառավարութեան դաշտն է, եւ ոչ թէ` խորհրդարանին, եւ անիկա պէտք … Read more

Հայտար. «Նախագահ Աունի Խօսքին Նկատմամբ Նկատողութիւններ Ունինք»

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար դատապարտեց Իսրայէլի յարձակումները, որոնք կը կատարուին զէնքի պահեստանոցներ թիրախաւորելու պատրուակով, սակայն ետքը ի յայտ կու գայ, թէ անոնք անզէն քաղաքացիներու պատկանող վայրեր են: Ան այս մասին յայտնեց «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Ցաւօք, հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ նախապէս չզգաց, թէ պետութիւնը իրեն հետ է, եւ երբ կ՛ըսուի, թէ բանակը … Read more

Քոնկրեսական Ուիլսըն. «Պէտք Է Ամէն Ջանք Թափել Երաշխաւորելու Համար Լիբանանի Կառավարութեան Կայունութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափման կարելիութեան նկատմամբ լաւատես եմ, եւ պէտք է ամէն ջանք թափել` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կառավարութեան կայունութիւնը»: Միւս կողմէ, ան նշեց. «Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան ու կայունութեան համար օգտակար է»:    

Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցը` Առաջնային Օրակարգային Խնդիր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան 21 յունուարին այցելած են «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկ` տեսակցելու քաղաքական բանտարկեալներ Նարեկ Սամսոնեանի, Վարդան Ղուկասեանի, Վազգէն Սաղաթէլեանի եւ Խաչիկ Գալստեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Իշխան Սաղաթէլեան: Ան նշած … Read more

Արցախ Մնացած 10 Հայեր Հայաստան Տեղափոխուած Են

Արցախ մնացած 10 հայեր նոյնպէս Հայաստան եկած են: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան: «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ (Ղարաբաղի մէջ) մինչեւ հիմա բնակող 10 հայեր եւ ազգութեամբ ռուս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը դիմած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն` Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուելու խնդրանքով: «Դիմումներու հիման … Read more

Պէյրութ Մարաթոն. «Ռոլինկ Հաֆ Մարաթոն»` 8 Փետրուարին

8 փետրուարին Պէյրութ մարաթոն միութիւնը պիտի կազմակերպէ կէս մարաթոն` «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» անունով, Սելաաթայէն Ժիպէյլ հասցնող ծովեզերեայ ճամբուն վրայ: Երրորդ «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» մրցումին պիտի մասնակցին արաբական երկիրներէ եւ միջազգային աթլեթներ, որոնց արձանագրութիւններու թիւերը այժմէն կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական: Արձանագրութիւնները կը շարունակուին մինչեւ 1 փետրուար, www.beirutmarathon.org կայքին վրայ: Այս տարուան մրցումին պիտի մասնակցին մօտ 105 … Read more