Պէյրութ Մարաթոն. «Ռոլինկ Հաֆ Մարաթոն»` 8 Փետրուարին

8 փետրուարին Պէյրութ մարաթոն միութիւնը պիտի կազմակերպէ կէս մարաթոն` «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» անունով, Սելաաթայէն Ժիպէյլ հասցնող ծովեզերեայ ճամբուն վրայ:

Երրորդ «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» մրցումին պիտի մասնակցին արաբական երկիրներէ եւ միջազգային աթլեթներ, որոնց արձանագրութիւններու թիւերը այժմէն կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական: Արձանագրութիւնները կը շարունակուին մինչեւ 1 փետրուար, www.beirutmarathon.org կայքին վրայ: Այս տարուան մրցումին պիտի մասնակցին մօտ 105 օտար աթլեթներ 18 տարբեր երկիրներէ: Մրցումը պիտի բաժնուի երկու հեռաւորութիւններու` կէս մարաթոն 21,1 քմ եւ դրօշարշաւի նման 4 մարզիկներով բաղկացած ռըլէի մրցում: Մրցումին շրջավազքը տեսարժան վայրերով եւ ծովեզերեայ գեղեցիկ տեսարաններով հարուստ պիտի ըլլայ` անցնելով Սելաաթա, Քուպպա, Պաթրուն, Քֆարապիտա, Թհում, Պերպարա, Մոնսեֆ, Ամշիթ եւ հասնելով Ժիպէյլի հին նաւահանգիստը:

Leave a Comment