Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանն ու Կապրիէլ Մըրը:
Բարեկամական հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ներկայացնելու նախարարութեան ծրագիրները եւ անցեալ տարուան ընթացքին կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւններն ու խորհրդաժողովները, զորս կը պատրաստէ այս տարուան համար: