Արցախ Մնացած 10 Հայեր Հայաստան Տեղափոխուած Են

Արցախ մնացած 10 հայեր նոյնպէս Հայաստան եկած են: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ (Ղարաբաղի մէջ) մինչեւ հիմա բնակող 10 հայեր եւ ազգութեամբ ռուս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը դիմած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն` Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուելու խնդրանքով:

«Դիմումներու հիման վրայ նշեալ անձերը տեղափոխուած են Հայաստանի Հանրապետութիւն», գրած է ան:

Leave a Comment