Արդարադատութիւնը սկսաւ հետապնդման ենթարկել Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը վիրաւորելու արշաւին մեղսակիցները, որոնք զինք կը քննադատեն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն կառչելու համար:
Նախագահը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ նշած էր, որ լիբանանեան բանակը Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանը «մաքրեց» ապօրինի զէնքէն: Այդ եզրը զայրացուցած էր Հըզպալլայի համակիրները եւ նոյն գիշերը անոնցմէ հարիւրաւորներ Հարաւային արուարձաններու փողոցներուն եւ Պէյրութի Սալիմ Սլամ կամուրջին վրայ բողոքի ցոյց կատարած էին:
Սամի Խատրա տեսերիզի մը մէջ ըսած է, թէ նախագահ Աունի բանակի հրամանատարի պաշտօնին վրայ եղած ատեն անոր պաշտօնավարութիւնը ապօրինի կերպով երկարաձգուած է, եւ ան նախագահ ընտրուած է արտաքին միջամտութեամբ ու միջազգային համաձայնութեամբ: Լրագրող Հասան Օլլէյք նոյն ամբաստանութիւնները ուղղած է եւ անուղղակի կերպով նախագահին հրաժարականն ու հեռացումը պահանջած: Լրագրող Ալի Պըրրօ նախագահական պալատի ճամբայէն տեսագրութիւն մը հրապարակած է` հարաւցիներուն կոչ ուղղելով` նախագահական պալատ գալու եւ այդտեղ բնակելու` վիրաւորական եւ ծաղրական արտայայտութիւններ ունենալով նախագահի հասցէին:
Արդարադատական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ քննչական կոմիտէն կոչնագիր յղած է Հըզպալլայի մօտիկ լրագրողի մը, որ ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեսերիզ մը հրապարակած է, սակայն լրագրողը մերժած է ներկայանալ` նշելով, որ լրագրող մը քրէական դատարանի առջեւ չի կանգնիր, այլ հրատարակութիւններու դատարանին:
Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդը երէկ դատապարտեց հանրապետութեան նախագահին դէմ արշաւը` նշելով, որ նախագահի դիրքին վրայ որեւէ յարձակում կը խաթարէ հասարակական կարգի հիմերը: