Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցը` Առաջնային Օրակարգային Խնդիր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան 21 յունուարին այցելած են «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկ` տեսակցելու քաղաքական բանտարկեալներ Նարեկ Սամսոնեանի, Վարդան Ղուկասեանի, Վազգէն Սաղաթէլեանի եւ Խաչիկ Գալստեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշած է. «Երկու օր առաջ, Գեղամ Մանուկեանի հետ այցելեցինք «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկ` տեսակցելու այդ պահուն 10 օր շարունակ հացադուլի մէջ գտնուող քաղաքական բանտարկեալ Նարեկ Սամսոնեանի հետ: Այդ քայլով ան իր արդարացի բողոքը կ՛արտայայտէ այս իշխանութիւններու ապօրինի որոշումներուն դէմ` հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելով բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրներուն վրայ: Արդէն այդ օրը անոր յայտնած էին, որ յաջորդ օրը վերջինս պիտի տեղափոխուի բժշկական կեդրոն, ուր պիտի ցուցաբերուին առողջութեան պահպանման համար անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւններ, եւ պիտի իրականացուի անհրաժեշտ վիրահատական միջամտութիւն: Սակայն Նարեկ Սամսոնեանի հիւանդանոց տեղափոխումը իրականացուեցաւ միայն երկու օր անց, իսկ այսօր «Քրէակատարողական բժշկութեան կեդրոն»-ին մէջ բժշկուելու թոյլտուութիւն տալու փոխարէն որոշում տրուեցաւ Նարեկին վերադարձնել «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկ: Ստեղծուած իրավիճակը ուղիղ սպառնալիք է ապօրինի կալանաւորուած քաղաքացիի առողջութեան եւ կը պահանջէ անյապաղ միջամտութիւն»:

Սաղաթէլեան կը նշէ, որ նոյնանման իրավիճակ կայ նաեւ Վարդան Ղուկասեանի պարագային, որ ունենալով կալանքի հետ անհամատեղելի առողջական խնդիրներ եւ հիւանդութիւններ, կը շարունակէ զրկուած մնալ պատշաճ բժշկական օգնութենէ` ապօրինի կալանքի պատճառով:

«Եւս մէկ անգամ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը մեզի համար առաջնային օրակարգային խնդիր է, եւ կը հանդիսանայ մեր քննարկումներուն առանցքային նիւթերէն մէկը` քաղաքական ուժերու հետ հանդիպումներու ընթացքին», կը նշէ Սաղաթէլեան:

Leave a Comment