Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար դատապարտեց Իսրայէլի յարձակումները, որոնք կը կատարուին զէնքի պահեստանոցներ թիրախաւորելու պատրուակով, սակայն ետքը ի յայտ կու գայ, թէ անոնք անզէն քաղաքացիներու պատկանող վայրեր են: Ան այս մասին յայտնեց «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
«Ցաւօք, հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ նախապէս չզգաց, թէ պետութիւնը իրեն հետ է, եւ երբ կ՛ըսուի, թէ բանակը Լիթանի գետէն հարաւ տարածուեցաւ, ապա պետութիւնը պէտք է քաղաքացիները պաշտպանելու քայլեր որդեգրէ, բան մը, որ չկատարուեցաւ», նշեց Հայտար:
«Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի հարցը պէտք է խոր քննարկումի ենթարկուի, եւ պէտք է աշխատանքային նոր մեքանիզմ մը քննարկենք, մանաւանդ այն խօսակցութիւններէն ետք, թէ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը այլեւս դադրած է գոյութիւն ունենալէ», ըսաւ նախարարը:
Ան ըսաւ, որ մինչեւ այս պահս մենք տկար դիրքի վրայ ենք եւ օգնութեան կարիք ունինք` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի խօսքին նկատմամբ նկատողութիւններ կան, եւ ան հաստատօրէն «սխալմամբ արտայայտուած է»:
«Իբրեւ շիի երկեակ, մեր շահերէն կը բխի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարուին, եւ այդ մէկը կը քաջալերենք: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստ չէ ընտրութիւնները յետաձգելու, եւ իբրեւ կառավարութիւն անոնց իրենց ժամկէտին կայացման վրայ կը պնդենք», յայտնեց աշխատանքի նախարարը: