Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափման կարելիութեան նկատմամբ լաւատես եմ, եւ պէտք է ամէն ջանք թափել` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կառավարութեան կայունութիւնը»:
Միւս կողմէ, ան նշեց. «Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան ու կայունութեան համար օգտակար է»: