Թրամփ. «Եթէ Իրան Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ Կրակ Բանայ Եւ Սպաննէ, Ուաշինկթըն Պիտի Միջամտէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Եթէ Իրան, ըստ իր սովորութեան, խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակ բանայ եւ զանոնք սպաննէ, Ուաշինկթըն անոնց օգնելու համար պիտի միջամտէ»: Իրանի Ազգային անվտանգութեանբ բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Թրամփին հակադարձելով «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Թրամփ պէտք է իմանայ, որ ներքին խնդիրին միջամտելը համազօր է ամբողջ շրջանի ապակայունացման եւ ինքնին Ուաշինկթընի շահերու … Read more

Հատրամութի Մէջ «Հայրենիքի Վահան» Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Թիրախաւորող Օդային Յարձակումներ

Եմէնի արեւելեան Հատրամութ նահանգին մէջ զինուորական ճամբարներն ու դիրքերը ստանձնելու զինուորական «խաղաղ» գործողութեան ընթացք առնելէն ետք, Հատրամութի նահանգապետ Սալեմ Խանպաշի յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ նշեալ դիրքերը ստանձնելու համար ճամբայ ելած «Հայրենիքի վահան» ուժերուն վրայ յարձակում գործողները թիրախաւոր օդային հարուածներ հասցուցած են: Ան ըսաւ, որ յարձակումներ ու թակարդներ թիրախաւորած են «Հայրենիքի վահան» ուժերու խաղաղ շարժումը, … Read more

Նեթանիահու Գոված Է Թրամփը Հայաստան – Ազրպէյճան Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ Ունեցած Ներդրումին Համար

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու գոված է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար: «Ան շատ բան ըրած է խաղաղութեան համար: Ան ամբողջ աշխարհի վրայ այդքան շատ տագնապներ լուծած է: Մարդիկ ատոր չէին հաւատար: Ազրպէյճան եւ Հայաստան: Ոչ ոք ատով զբաղած է: Ան ատով զբաղեցաւ: Եւ … Read more

Մըթրի. «Ապահովական Մարմինները Պէտք Է Ստուգեն Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախկին Վարչակարգի Համակիրներու Շարժումներուն Մասին Տեղեկութիւնները»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի համակիրներուն կողմէ շարժումներու մասին լրատուամիջոցներուն մէջ եւ մարդոց միջեւ շրջանառուող լուրերը մտահոգիչ են»: «Լիբանանեան ապահովական մարմինները պէտք է ստուգեն անոնց ճշգրտութիւնը եւ պատշաճ քայլեր որդեգրեն, որովհետեւ ատիկա անոնց պարտականութիւնն է», աւելցուց ան: «Անոնք եւ մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք Լիբանանի մէջ կամ այստեղէն մեկնարկուող Սուրիոյ հողային … Read more

Շէյխ Խաթիպ. «Լիբանանցիները Սկսան Կառավարութեան Նկատմամբ Իրենց Վստահութիւնը Կորսնցնել»

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Կը թուի, թէ Նոր տարին իրեն հետ պիտի բերէ ընկերային բարկացոտ ցոյցեր, որոնք պիտի ներառեն շարք մը մարզերու մէջ գործադուլի եւ նստացոյցի կոչեր, այն պատճառով, որ արդար պահանջներուն պաշտօնական անտեսում կայ, մինչ կառավարութիւնը ընկերային տագնապներուն դէմ կը դնէ մեծ շփոթով եւ շտապողականութեամբ: «Այս կառավարութեան կողմէ հաստատուած … Read more

Սաատ Հարիրի Կը Հերքէ «Ապու Օմար»-ի Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան Կամ Հանդիպման Կայացումը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կտրուկ ու վճռական կերպով հերքեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած տեսագրութեան մը  մէջ նշուած ոմն «Ապու Օմար»-ի հետ Ապու Տապիի կամ այլուր, ինչպէս նաեւ որեւէ տեսակի հաղորդակցութեան միջոցով ուղղակի կամ անուղղակի հաղորդակցութեան կամ հանդիպումի տեղեկութիւնը: Հարիրի իր գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ տեսագրութեան պարունակութիւնը բացարձակ յերիւրանք եւ ապատեղեկատուութիւն է: Անիկա … Read more

Ուուշու-Քոնկ Ֆու. Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը 16 Ոսկի Մետալ Ապահովեց

Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Ուուշու-քոնկֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպած թաօ-լուի մրցաշարքին եւ ապահովեցին 16 ոսկի մետալներ: Հայ սեւ գօտիներու միութեան կողքին 4 այլ ակումբներ ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ 30 մարզիկներով: Յարութ Վարդանեանի գլխաւորած խումբէն ոսկի մետալներ ապահովեցին հետեւեալ մարզիկները. Անի Վարդանեան – 4 ոսկի մետալԱլեքս Ուաքիմ – 4 ոսկի մետալՔրիստ Սուլեան … Read more

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր ժամը 14:15-ին Թրիփոլիի պահեստի դաշտին վրայ (Ռաշիտ Քարամէի անուան դաշտին կից) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին գծով Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այս եղանակին իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ օտար դաշտի վրայ եւ պիտի փորձէ անպայման 3 կէտերով վերադառնալ Պէյրութ: Ժալիլ Քանա (կամ Ռիսալա Թուրա) խումբը … Read more

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պաթրուն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր ժամը 18:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 11-րդ (երթի վերջին) հանգրուանի գծով պիտի հիւրընկալէ Պաթրունը: Պաթրուն 2 յաղթանակ արձանագրած է Թատամոն Հարաժելի ու Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ եւ 8 պարտութիւններով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ, որ 6 յաջորդական յաղթանակներէ ետք 4 պարտութիւններ … Read more

«Էմ. Էմ. Էյ.» «Հայփ Արմենիա»-ի Յաջող Երեկոն

2025-ի տարուան վերջին օրը Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայփ Արմենիա» մարտական մրցաշարքը, որուն ընթացքին աւելի քան 8 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հետաքրքրական մենամարտներ տեղի ունեցան: Հիմնական մրցումն էր 84 քկ կշիռի Կրեփլինկի հանդիպումը, ուր «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկներ Արման Ծառուկեան եւ Շարափուտին Մակոմետով (Շարա Պուլեթ) իրար դէմ մրցեցան: Մենամարտը միայն յանձնուելու օրէնքներով էր եւ տեւեց 6 … Read more