Այսօր ժամը 18:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 11-րդ (երթի վերջին) հանգրուանի գծով պիտի հիւրընկալէ Պաթրունը:
Պաթրուն 2 յաղթանակ արձանագրած է Թատամոն Հարաժելի ու Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ եւ 8 պարտութիւններով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:
ՀՄԸՄ, որ 6 յաջորդական յաղթանակներէ ետք 4 պարտութիւններ կրած էր Թայլըր Պէյի վիրաւորուելէն ետք, անպայման յաղթանակ արձանագրելով պիտի փորձէ 3-րդ դիրքին համար պայքարիլ Սանթրալի հետ:
Անթունիէ, որ ՀՄԸՄ-ի նման 4 պարտութիւններ ունի, 5-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ ճնշում կը բանեցնէ ՀՄԸՄ-ի վրայ:
Պաթրունի լաւագոյն մարզիկն է Տեսի Ուաշինկթըն, որ շատ լաւ ձեւով կը կիրարկէ իր փլէյմէյքըրի դերը, միեւնոյն ժամանակ կարեւոր կէտեր ալ նշանակելով: Սենթըր Ռութ Մոնյոնկ իր կարգին Լիբանանի լաւագոյն սենթըրներէն մէկն է, մինչ խումբի 3-րդ օտարը` Անթունի Ֆէյրլի իր կարգին լաւ յարձակող է:
ՀՄԸՄ իր կարգին լաւ կը խաղայ վերջին մրցումներուն, եւ հակառակ պարտութիւններուն շատ մը մարզիկներ կը փայլին: Թայլըրի բացակայութեան Խալիտ Թոմաս, Ահմետ Իպրահիմ, Այզաք Այյուպի, Թանիոս Աքիքի եւ Կապրիէլ Աճէմեան բաւական լաւ ելոյթներ ունեցան, մինչ անցեալ տարուան աստղը` Ճորտըն Սթիվընզ իր վերջին մրցումին 39 կէտով եւ 10 էսիսթներով փաստեց, թէ կը մնայ Լիբանանի լաւագոյններէն:
Կը սպասուի, որ այսօր մեր համակիրներն ալ դաշտ ներկայանալով քաջալերեն տղաքը, որոնք պէտք ունին քաջալերանքի, քանի մը մրցումներ օտար դաշտերու վրայ խաղալէ ետք:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 11-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
ՀՄԸՄ – Պաթրուն (ժամը 18:00-ին)
Ռիատի – Սաժես (ժամը 21:45-ին)
ՎԱՂԸ
Սանթրալ – Հուփս (ժամը 16:45-ին)
Անթունիէ – Էն. Էս. Էյ. (ժամը 20:30-ին)
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Անդրանիկ – Մարիսթ (ժամը 16:45-ին)
Պէյրութ – Թատամոն Հարաժել (ժամը 20:30-ին)