
Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Ուուշու-քոնկֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպած թաօ-լուի մրցաշարքին եւ ապահովեցին 16 ոսկի մետալներ:
Հայ սեւ գօտիներու միութեան կողքին 4 այլ ակումբներ ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ 30 մարզիկներով:
Յարութ Վարդանեանի գլխաւորած խումբէն ոսկի մետալներ ապահովեցին հետեւեալ մարզիկները.
Անի Վարդանեան – 4 ոսկի մետալ
Ալեքս Ուաքիմ – 4 ոսկի մետալ
Քրիստ Սուլեան – 3 ոսկի մետալ
Սթիվըն Սուլեան – 3 ոսկի մետալ
Քրիսթոֆըր Սերոբեան – 2 ոսկի մետալ