2025-ի տարուան վերջին օրը Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայփ Արմենիա» մարտական մրցաշարքը, որուն ընթացքին աւելի քան 8 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հետաքրքրական մենամարտներ տեղի ունեցան:
Հիմնական մրցումն էր 84 քկ կշիռի Կրեփլինկի հանդիպումը, ուր «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկներ Արման Ծառուկեան եւ Շարափուտին Մակոմետով (Շարա Պուլեթ) իրար դէմ մրցեցան:
Մենամարտը միայն յանձնուելու օրէնքներով էր եւ տեւեց 6 վայրկեան: Ըստ օրէնքներուն, եթէ այդ ժամանակամիջոցին կարելի չըլլար որեւէ զօրաւոր իրադարձութիւն, մրցումը պիտի աւարտէր հաւասարութեամբ, եւ այդպէս ալ եղաւ: Հակառակ անոր որ Ծառուկեան 2 անգամ կրցաւ մրցակիցին թէյք-տաուններ ընելով գետին փռել` ուրախացնելով հանդիսատեսը, բայց ճակատումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` յոյս ներշնչելով համակիրներուն, որ «վրէժի մրցում» մը եւս կատարեն երկու մարտիկները:
Այս մրցումէն անկախ հայ մարզիկները վստահ յաղթանակներ տօնեցին: Արմէն Աթայեւ, Վահէ Սարուխանեան, Էտկար Օհանէսեան, Ռոման Կալաշեան, Դաւիթ Խաչատրեան, Կենատի Մակարեան եւ Լենդրուշ Ակոպեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Նշենք, որ այս յաջող երեկոյէն ետք, «Հայփ Արմենիա» յայտարարեց, թէ 2026-ին սկկիզբը քանի մը մրցաշարք եւս պիտի կազմակերպեն Հայաստանի մէջ: