Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի համակիրներուն կողմէ շարժումներու մասին լրատուամիջոցներուն մէջ եւ մարդոց միջեւ շրջանառուող լուրերը մտահոգիչ են»:
«Լիբանանեան ապահովական մարմինները պէտք է ստուգեն անոնց ճշգրտութիւնը եւ պատշաճ քայլեր որդեգրեն, որովհետեւ ատիկա անոնց պարտականութիւնն է», աւելցուց ան:
«Անոնք եւ մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք Լիբանանի մէջ կամ այստեղէն մեկնարկուող Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան կամ անոր անվտանգութեան ու կայունութեան վնասող որեւէ արարք կատարելու վտանգին», շեշտեց փոխվարչապետը:
«Ատիկա մեզմէ նաեւ կը պահանջէ սուրիական իշխանութիւններուն հետ յաւելեալ գործակցութիւն ունենալ` հիմնուելով վստահութեան եւ երկու երկիրներու գերիշխանութեան ու հասարակաց շահերուն նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի վրայ», նշեց Մըթրի: