Սաատ Հարիրի Կը Հերքէ «Ապու Օմար»-ի Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան Կամ Հանդիպման Կայացումը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կտրուկ ու վճռական կերպով հերքեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած տեսագրութեան մը  մէջ նշուած ոմն «Ապու Օմար»-ի հետ Ապու Տապիի կամ այլուր, ինչպէս նաեւ որեւէ տեսակի հաղորդակցութեան միջոցով ուղղակի կամ անուղղակի հաղորդակցութեան կամ հանդիպումի տեղեկութիւնը:

Հարիրի իր գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ տեսագրութեան պարունակութիւնը բացարձակ յերիւրանք եւ ապատեղեկատուութիւն է: Անիկա ամբողջովին կեղծ է եւ զուրկ մասնագիտութեան ու ճշգրտութեան նուազագոյն մակարդակէն, անիկա ճշմարտութեան հետ որեւէ կապ չունեցող կեղծ տեղեկատուութեան յօրինման ծիրին մէջ է:

Գրասենեակը զգուշացուց սուտեր հրապարակելու ու տարաձայնութիւններ շրջանառութեան մէջ դնելու գործելաոճի վտանգաւորութենէն եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը նկատեց լիովին պատասխանատու իր սփռածին հետեւանքներուն` պահանջելով, որ պատկերասփիւռի կայանը հրապարակաւ ներում հայցէ, անմիջապէս ու պատշաճ կերպով ճշդում կատարէ եւ դադրի վարչապետ Հարիրիի անունը մոլորութիւններով ու կեղծիքներով սնուած զրպարտչական արշաւներու մէջ օգտագործելէ:

Գրասենեակը նաեւ նշեց, որ ինքնիրեն կը վերապահէ «այդ պնդումներուն ստեղծման ետին կանգնող, անոնց հրապարակման ու տարածման մասնակցող իւրաքանչիւր անձ առնչակից արդարադատական մարմիններու առջեւ դատական հետապնդումի ենթարկելու ամբողջ իրաւունքը»:

Leave a Comment