Եմէնի արեւելեան Հատրամութ նահանգին մէջ զինուորական ճամբարներն ու դիրքերը ստանձնելու զինուորական «խաղաղ» գործողութեան ընթացք առնելէն ետք, Հատրամութի նահանգապետ Սալեմ Խանպաշի յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ նշեալ դիրքերը ստանձնելու համար ճամբայ ելած «Հայրենիքի վահան» ուժերուն վրայ յարձակում գործողները թիրախաւոր օդային հարուածներ հասցուցած են:
Ան ըսաւ, որ յարձակումներ ու թակարդներ թիրախաւորած են «Հայրենիքի վահան» ուժերու խաղաղ շարժումը, ինչ որ հրամայական դարձուցած է օդային հարուածները:
Միւս կողմէ, Փոխանցման խորհուրդէն բարձրաստիճան պաշտօնատար Մոհամետ Ապտելմալաք յայտարարեց, թէ 7 օդային յարձակումներ թիրախաւորած են Խաշղայի մէջ իր զինուորական ճամբարներէն մէկը եւ պատճառած զոհեր ու վիրաւորներ:
Հատրամութի կառավարիչը Փոխանցման խորհուրդի պնդումը, թէ «Հայրենիքի Վահան»-ը Իսլամ եղբայրներու, Քայիտայի եւ հուսիներու խառնուրդ է, «հեգնանք յառաջացնող» նկատեց` աւելցնելով, որ այդ պնդումները «փոխան արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու մագլցում կատարելու անոր մտադրութիւնը» ցոյց կու տան:
Մինչ այդ, սէուտական ծովուժը տեղակայուեցաւ Արաբական ծովուն մէջ` նաւերու խուզարկում կատարելու համար:
Հարաւային զինեալ ուժերու բանբերը յայտնեց. «Բոլոր ուղղութիւններով պաշտպանական ճակատամարտներ կը մղենք, եւ այս պատերազմը ճակատագրական, գոյութենական եւ վճռորոշ է»:
Հարաւային Փոխանցման խորհուրդի ղեկավարներէն Մանսուր Սալեհ «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Այն, ինչ որ կը տեսնենք, անարդարանալի յարձակում է»: