Շէյխ Խաթիպ. «Լիբանանցիները Սկսան Կառավարութեան Նկատմամբ Իրենց Վստահութիւնը Կորսնցնել»

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Կը թուի, թէ Նոր տարին իրեն հետ պիտի բերէ ընկերային բարկացոտ ցոյցեր, որոնք պիտի ներառեն շարք մը մարզերու մէջ գործադուլի եւ նստացոյցի կոչեր, այն պատճառով, որ արդար պահանջներուն պաշտօնական անտեսում կայ, մինչ կառավարութիւնը ընկերային տագնապներուն դէմ կը դնէ մեծ շփոթով եւ շտապողականութեամբ:

«Այս կառավարութեան կողմէ հաստատուած ելեւմտական բացի օրինագիծը ատոր մեծագոյն օրինակն էր, որովհետեւ բեռին մեծագոյն մասը դրաւ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն վրայ, ինչ որ յառաջացուց շահագրգիռ անձերու եւ բազմաթիւ քաղաքական ուժերու, ներառեալ կառավարութեան մէջ եղող քաղաքական ուժերու զայրոյթը»:

«Այս քաղաքականութիւնը, որ կրնայ երկիրը մղել ընկերային պոռթկումի, վերջ կու տայ փրկութեան վերջին յոյսին, ինչ որ ապագային յաւելեալ յուսաբեկութեան եւ Լիբանանի քայքայման կրնայ յանգեցնել, հակառակ մեր ժողովուրդին ցուցաբերած համբերութեան` յուսալով, որ կացութիւնը կը բարելաւուի», զգուշացուց Շէյխ Խաթիպ:

Leave a Comment