Նեթանիահու Գոված Է Թրամփը Հայաստան – Ազրպէյճան Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ Ունեցած Ներդրումին Համար

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու գոված է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար:

«Ան շատ բան ըրած է խաղաղութեան համար: Ան ամբողջ աշխարհի վրայ այդքան շատ տագնապներ լուծած է: Մարդիկ ատոր չէին հաւատար: Ազրպէյճան եւ Հայաստան: Ոչ ոք ատով զբաղած է: Ան ատով զբաղեցաւ: Եւ կան շատ այլ վայրեր», «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Իսրայէլի վարչապետը:

Leave a Comment