Այսօր ժամը 14:15-ին Թրիփոլիի պահեստի դաշտին վրայ (Ռաշիտ Քարամէի անուան դաշտին կից) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին գծով Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այս եղանակին իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ օտար դաշտի վրայ եւ պիտի փորձէ անպայման 3 կէտերով վերադառնալ Պէյրութ:
Ժալիլ Քանա (կամ Ռիսալա Թուրա) խումբը երկու յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը, ան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի պզտիկ սխալներէն օգտուելով անցեալ շաբաթ 2 կոլեր նշանակեց:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ աւելի լաւ մարզիկներ ունէր, քան մրցակիցը, բայց ներելի չեն պաշտպաններու կամ բերդապահի սխալները:
Այսօր մեր մրցակիցը ամէնէն տկար խումբն է մեր խմբակին, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մենք վստահ յաղթանակ պիտի արձանագրենք եւ պէտք է արհամարհենք մեր մրցակիցը: Դաշտին վրայ երբ 22 մարզիկներ իրար դէմ կը մրցին, լաւագոյն 11-ը կը յաղթեն: Պէտք է ըլլայ այդ լաւագոյն խումբը եւ յաղթել: Առաջին հանգրուանին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թաուֆիրի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-2 արդիւնքով պարտուած էր Իժթիմահիէն եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարած Ժալիլ Քանայի հետ:
Մեր մրցակիցները մեզմէ լաւ չէին, այլ մենք լաւ չէինք դաշտին վրայ, եւ պայքարող մարզիկները թիւով քիչ էին: Խմբային պայքար պէտք է` յաղթանակ ապահովելու համար, եւ այսօրուան մրցումը պէտք է նման ըլլայ անցեալ տարեշրջանի մրցումներուն, որոնց ընթացքին պայքարելով մեզմէ աւելի լաւ խումբերու ալ յաղթած էին տղաքը:
Հարաքեթ Շապապ 1 կոլ կրցած է նշանակել 3 մրցումներու ընթացքին` 12 կոլեր ստանալով 2 մրցումներու, մինչ 3-րդ մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր:
Համակիրներէն կը սպասուի ներկայ ըլլալ քաջալերելու տղաքը, որոնք Թրիփոլի կը մեկնին առաջին անգամ ըլլալով` երկար տարիներէ ի վեր բացակայութենէ ետք:
Ստորեւ` յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
ՎԱՂԸ
Ժալիլ Քանա – Ղատ Աֆտալ
Իժթիմահի – Ահլի Սայտա
Թաուֆիր – Հորր Ամելի