Ֆրանսա Իր Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Զինուորական Տողանցքով Նշեց Պասթիյի Գրաւման Օրը

Յուլիս 14-ին Ֆրանսան կը նշէ Ազգային տօնը` Պասթիյի գրաւման օրը: Այս տարի տարեկան զինուորական տողանցքին կը մասնակցէին եւրոպական 11 երկրի պատերազմական օդանաւեր եւ Ուքրանիոյ աջակցող «Կամեցողներու դաշինք»-ի երկիրներու մօտ 500 զինուոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24» պարբերականը` յիշեցնելով, որ Էմանուէլ Մաքրոն վերջին անգամն է, որ յուլիս 14-ը կը նշէ նախագահի պաշտօնին մէջ: Ըստ հրապարակումին, … Read more

Մինչ Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին. Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացումը Կարելի Է»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 4:45-ին Իրանի վրայ երրորդ իրերայաջորդ յարձակումը շղթայազերծած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ յարձակումները կը թիրախաւորեն իրանեան զինուորական դիրքեր, որոնք ծովային հսկողութեան համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր ու հրթիռներ կը պարունակեն: Մինչ այդ, իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պանտար Ապպասի, Քիշ, Քաշմ եւ … Read more

Ահմատինեժատի Գրասենեակը Կը Հերքէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի` Իսրայէլի Հետ Անոր Կապի Մասին Տուեալները

Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի գրասենեակը հերքեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի` քաղաքական գործիչի իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի հետ կապերու մասին լուրը: Ահմատինեժատի գրասենեակը, մեկնաբանելով ամերիկեան օրաթերթի հրապարակումը ըսաւ. «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հրապարակած է Ահմատինեժատի մասին ամբողջովին կեղծ հաղորդագրութիւն եւ փորձած յուզել հասարակական կարծիքը` օգտագործելով զինուորական սպառնալիքներու հետ կապուած զգայուն քաղաքական իրավիճակը»: Այնտեղ նաեւ նշուած է, … Read more

Թուսք. «Տեսանելի Ապագային Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չըլլայ»

Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի համոզումով` Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին առնուազն մինչեւ գալիք ձմեռ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Այս մասին ես զրուցած եմ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղարի եւ նախագահ Զելենսքիի հետ: Այս պահու դրութեամբ, հաշուի առնելով Ռուսիոյ կարծր դիրքորոշումը, քիչ հաւանական կը թուի, որ տեսանելի պիտի ըլլայ զինադադարի կամ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ … Read more

Փեսքով. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Ազրպէյճանի Դիրքորոշումը Սխալ Կը Նկատէ»

Քրեմլինը Ուքրանիոյ վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը սխալ կը նկատէ, սակայն այդ տարակարծութիւններուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար սպառնալիք չի տեսներ: «Առ.Պի.Քէյ.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Փեսքով նշած է, որ Ռուսիան սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ շարք մը պետութիւններու հետ, որոնք ուքրանական հակամարտութեան վերաբերեալ այլ դիրքորոշում ունին: … Read more

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Ռիատ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Կը Կապէ Նեթանիահուի Հեռացման Եւ Սմոթրիչի Քայլերու Չեղեալ Նկատուելուն Հետ

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի, որ Սէուտական Արաբիան վերջին շաբաթներուն Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնատարներու յղած է պատգամներ, թէ պատրաստ է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման Աբրահամեան համաձայնութեան միանալու քննարկման վերսկսիլ, սակայն ճշդեց նախապայմաններ, որոնք իսրայէլեան ներկայ կառավարութիւնը չի կրնար բաւարարել: Իսրայէլեան օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երեք լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Ռիատ վերջերս Ուաշինկթընի մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքը աշխուժացուցած է: Աղբիւրներէն … Read more

Գրիգորեան Եւրոպական Միութեան Նոր Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հարցեր

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր գործընկերութեան առաքելութեան պատուիրակութիւնը` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար եւ կառավարող տնօրէն Սթեֆանօ Թոմաթի գլխաւորութեամբ: «Ողջունած եմ առաքելութեան ստեղծումն ու տեղակայումը Հայաստանի մէջ` կարեւոր նկատելով վերջին տարիներուն Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող բազմակողմանի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած … Read more

ԱՄՆ-ն հայտնել է Իրանի դեմ նոր հարվածներ սկսելու մասին

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին ԱՄՆ զինված ուժերի կենտրոնական հրամանատարությունը (CENTCOM) հայտարարել է Իրանի դեմ հարվածների նոր ալիք սկսելու մասին։ «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ՝ X սոցիալական հարթակում CENTCOM-ը գրել է, որ հարվածները սկսվել են Արևելյան ժամանակով առավոտյան ժամը 6-ին, այսինքն՝ Երևանի ժամանակով՝ 14։00-ին։ «Հարվածների նպատակն է էլ ավելի նվազեցնել այն … Read more

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը

Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախատեսուած քուէարկութիւնը կասեցուած է կառավարութեան կողմէ, կը հաղորդեն իսրայէլեան լրատուամիջոցներ: Քուէարկութեան յետաձգումը տեղի կ՛ունենայ այն միջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարը խախտուած է: Անիկա նաեւ կը յաջորդէ Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր ամերիկեան արդիական … Read more

Սկսաւ Հայաստանի Մէջ Խառնածին Սպառնալիքները Դիմակայելու Օգնող Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը 13 յուլիսին սկսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գործընկերային առաքելութիւնը («Ի. Եու. Փի. Էմ. Հայաստան»)` իր ապահովական եւ պաշտպանական ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Այդ խորհրդատուական քաղաքացիական առաքելութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն` բարելաւելու երկրի դիմակայունութիւնը խառնածին սպառնալիքներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` զարգացող ապահովական մարտահրաւէրները հասցէագրելու: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական կայքին վրայ … Read more