Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախատեսուած քուէարկութիւնը կասեցուած է կառավարութեան կողմէ, կը հաղորդեն իսրայէլեան լրատուամիջոցներ:
Քուէարկութեան յետաձգումը տեղի կ՛ունենայ այն միջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարը խախտուած է: Անիկա նաեւ կը յաջորդէ Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր ամերիկեան արդիական «Էֆ-35» ռազմական օդանաւեր ծախել Անգարային:
Անցեալ ամիս, Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած էր 1915-ի ջարդերը ցեղասպանութիւն որակելու առաջարկին, սակայն խորհրդարանին մէջ նախատեսուած վերջնական քուէարկութիւնը, «Ճէյ.Էն.Էս»-ի տեղեկութիւններով, կասեցուած է կառավարութեան միջամտութեամբ:
Խորհրդարանը այս շաբթուան վերջաւորութեան պիտի սկսի ամառնային արձակուրդի եւ աշխատանքի պիտի վերսկսի 27 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: