Ֆրանսա Իր Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Զինուորական Տողանցքով Նշեց Պասթիյի Գրաւման Օրը

Յուլիս 14-ին Ֆրանսան կը նշէ Ազգային տօնը` Պասթիյի գրաւման օրը: Այս տարի տարեկան զինուորական տողանցքին կը մասնակցէին եւրոպական 11 երկրի պատերազմական օդանաւեր եւ Ուքրանիոյ աջակցող «Կամեցողներու դաշինք»-ի երկիրներու մօտ 500 զինուոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24» պարբերականը` յիշեցնելով, որ Էմանուէլ Մաքրոն վերջին անգամն է, որ յուլիս 14-ը կը նշէ նախագահի պաշտօնին մէջ:

Ըստ հրապարակումին, այս տարուան Պասթիյի օրուան տօնակատարութիւնները միայն Ֆրանսայի մասին չէին: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած տողանցքին միացած էին զօրքեր եւ պատերազմական օդանաւեր ամբողջ Եւրոպայէն` ցոյց տալու Ուքրանիոյ նկատմամբ աջակցութիւնը, եւ իբրեւ եւրոպական ռազմական հզօրութեան ապացոյց:

Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ազգային տօնին առիթով Փարիզի մէջ հիւրընկալեց մօտ 30 երկրի ղեկավար, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

Տողանցքին մասնակցած «Կամեցողներու դաշինք»-ի երկիրներու շուրջ 500 զինուորներէն բացի, երկինքին մէջ օդանաւերու շքերթին մասնակցեցան նաեւ Գերմանիան, Մեծն Բրիտանիան, Խրուաթիան, Լեհաստանը, Դանիան, Յունաստանը, Շուէտը, Նորվեկիան, Սպանիան եւ Իտալիան:

Տողանցքը մրցանշային էր զինուորականներու թիւի առումով. այս տարի անոր մասնակցեցան 6800 զինուորներ, ի տարբերութիւն 2025 թուականի 5810-ի:

Պասթիյի գրաւման օրը կը նշուի յուլիս 14-ին, քանի որ 1789 թուականին այդ օրը փարիզցիները յարձակեցան Պասթիյի ամրոցին եւ բանտին վրայ` զարկ տալով Ֆրանսական յեղափոխութեան, որով տապալեց միապետութիւնը, եւ Լուի ԺԶ. թագաւորն ու Մարի Անթուանեթ թագուհին մահապատիժի ենթարկուեցան:

 

Leave a Comment