Քրեմլինը Ուքրանիոյ վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը սխալ կը նկատէ, սակայն այդ տարակարծութիւններուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար սպառնալիք չի տեսներ: «Առ.Պի.Քէյ.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Փեսքով նշած է, որ Ռուսիան սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ շարք մը պետութիւններու հետ, որոնք ուքրանական հակամարտութեան վերաբերեալ այլ դիրքորոշում ունին:
«Ինչ կը վերաբերի այն դիրքորոշման, որ արտայայտուած է նախագահ Ալիեւի կողմէ, գոյութիւն ունին շարք մը պետութիւններ, որոնց հետ սերտ յարաբերութիւններ ունինք եւ որոնք կը կիսեն այնպիսի դիրքորոշում, որուն հետ մենք կտրականապէս համաձայն չենք:
«Եւ այո՛, ատիկա մեր տարակարծութիւններու առարկան է: Միեւնոյն ժամանակ մենք կը կարծենք, որ ասիկա առիթ չէ, որպէսզի այս հարցը ստուեր ձգէ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ, մենք հաւատարիմ ենք գործնապաշտ մօտեցումին», յայտարարած է Փեսքով:
Անոր համաձայն, ռուսական կողմը պիտի շարունակէ հիմնաւորուած կերպով բացատրել իր դիրքորոշումը ազրպէյճանցի գործընկերներուն:
Նշենք, որ Ալիեւ մէկ օր առաջ, պատասխանելով ուքրանացի լրագրողի մը հարցումին, յայտարարած էր, թէ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: