Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր գործընկերութեան առաքելութեան պատուիրակութիւնը` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար եւ կառավարող տնօրէն Սթեֆանօ Թոմաթի գլխաւորութեամբ:
«Ողջունած եմ առաքելութեան ստեղծումն ու տեղակայումը Հայաստանի մէջ` կարեւոր նկատելով վերջին տարիներուն Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող բազմակողմանի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած կարողութիւններու զարգացման շուրջ իրականացուող միջոցառումները», նշուած է Գրիգորեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: