Ահմատինեժատի Գրասենեակը Կը Հերքէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի` Իսրայէլի Հետ Անոր Կապի Մասին Տուեալները

Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի գրասենեակը հերքեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի` քաղաքական գործիչի իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի հետ կապերու մասին լուրը:

Ահմատինեժատի գրասենեակը, մեկնաբանելով ամերիկեան օրաթերթի հրապարակումը ըսաւ. «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հրապարակած է Ահմատինեժատի մասին ամբողջովին կեղծ հաղորդագրութիւն եւ փորձած յուզել հասարակական կարծիքը` օգտագործելով զինուորական սպառնալիքներու հետ կապուած զգայուն քաղաքական իրավիճակը»:

Այնտեղ նաեւ նշուած է, որ հրապարակումը Իրանի դէմ հոգեբանական պատերազմին մէկ մասն է, իսկ օրաթերթը ինքնին արժանի չէ վստահութեան, քանի որ հրապարակած է պատմութիւն մը, որուն չ՛արժեր ուշադրութիւն դարձնել:

Ահմատինեժատ Իրանի նախագահը եղած է 2005-էն 2013 թուականներուն: Ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է նաեւ հետագայ ընտրութիւններուն, սակայն Իրանի Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդը անոր արտօնութիւն չէր տուած մասնակցիլ:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի մէջ ունեցած իր աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Իսրայէլի արտաքին հետախուզութիւնը` Մոսատը, քանի մը տարի շարունակ գաղտնի կապ ունեցած է Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ` յոյս ունենալով օգտագործել զայն Թեհրանի մէջ գործող իշխանութիւնը տապալելու եւ երկրի նոր ղեկավար նշանակելու համար:

Leave a Comment