Գերեզմանատան Միջադէպէն Քանի Մը Օր Ետք. Սկիւտարի Հայկական Եկեղեցին Վերանորոգուած Եւ Վերաբացուած Է

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական Ս. Կարապետ եկեղեցին երկարատեւ վերանորոգումէ ետք վերաբացուած է: Սկիւտարը Պոլսոյ ասիական հատուածին մէջ Պոսֆորի ափին գտնուող պատմական թաղամաս է, ուր 20-րդ դարու սկիզբը ապրած է շուրջ 50 հազար հայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը: Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան մասնակցած են Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Արամ արք. Աթեշեան, Ս. Կարապետ … Read more

Սահեր. «Իսրայէլ Պատրաստ Է Հարաւային Լիբանանի Մէջ Փորձառական Երկու Շրջաններու Հարցով Յառաջ Ընթանալու»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ կը նախատեսէ, որ Հռոմի մէջ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները օգնեն իր երկրի ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ փորձառական երկու շրջաններէն հեռացման հարցով յառաջընթացի արձանագրման: Սահեր Երուսաղէմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մենք պատրաստ ենք փորձառական այդ երկու շրջաններուն հարցով յառաջ ընթանալու: Կը յուսամ եւ կը կարծեմ, թէ Հռոմի մէջ … Read more

Պըրրի. «Չեմ Նեղանար, Եթէ Որեւէ Հոլովոյթ Դրական Արդիւնք Տայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային բանաձեւին յանգած ուղղակի բանակցութիւնը ի նպաստ Լիբանանի եւ անոր իրաւունքին իսկական դրական որեւէ արդիւնք չտուաւ, եւ հաստատօրէն ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կարենան հեռացումը, տեղահանուածներու տունդարձը, գերիներու ազատ արձակումն ու վերաշինութիւնը իրականացնել, որովհետեւ ի վերջոյ զիս հետաքրքրողը խաղող ուտելն է եւ ոչ թէ դռնապանը ծեծելը»: … Read more

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Հրդեհ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բեռնարկղներու մէջ հրդեհ ծագեցաւ: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան դէպքի վայր` հրդեհին դէմ պայքարելու: Պէյրութի նաւահանգիստի վարչութիւնը կէսօրին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան նկատուած ծուխը հետեւանք է հրդեհի սահմանափակ վերականգնման մեկուսացուած բեռնարկղներու մէջ, որոնց մէջ երկուշաբթի օր հրդեհ ծագած էր: Վարչութիւնը ընդգծեց, որ Պէյրութի հրշէջները Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն հետ … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Անտոնեան Համալսարանէն Դոկտ. Սութոն

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ակադեմական գործակցութեան կամուրջ հաստատելու եւ ռազմավարական գործընկերութիւնները ամրապնդելու նպատակով իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտոնեան համալսարանի մարմնակրթական գիտութիւններու կաճառի տնօրէն դոկտ. Անթոնիօ Սութոն: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու նախարարութեան եւ Անտոնեան համալսարանին միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի մը կարելիութիւնը: Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը կենսական ոլորտներու, մասնաւորաբար երիտասարդ կարողութիւններու համարկումը … Read more

Պուսթանի. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի Պահպանումը Լիբանանի Շահերէն Կը Բխի»

Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց. «Խորհրդարանի մեծաթիւ անդամներու կողքին ստորագրեցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած նամակ մը` պահանջելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգումն ու անոր լիազօրութիւններու ամրապնդումը, ինչ որ համահունչ է առնչակից միջազգային որոշումներու, նախ եւ առաջ թիւ 425 եւ 426 որոշումներուն»: «ՖԻՆԻՒԼ-ին հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը պայմանական կամ քաղաքական հարց չէ, այլ Լիբանանի ներկայ զգայուն փուլին … Read more

Ապտալլա. «Խորհրդարանի Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկելը Լուծում Մը Չէ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելը որեւէ դիրքորոշման կամ ընդդիմութեան համար լուծում մը չէ»: «Մենք` իբրեւ Ժողովրդավարական հանդիպում, պիտի շարունակենք դէմ ըլլալ սահմանադրական հաստատութիւններու, նախ եւ առաջ խորհրդարանը պոյքոթի ենթարկելու սկզբունքին», ըսաւ երեսփոխանը: «Զօրակցեցանք եւ կը զօրակցինք արդար եւ յստակ համաներման օրէնքի մը` բանտերու խճողուածութեան հարցը լուծելու եւ հարիւրաւոր … Read more

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Երիտասարդներու Հաւաքականը` Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

Լիբանանի երիտասարդ տղոց (18 տարեկանէն վար) հաւաքականը անցեալ շաբաթավերջին դարձաւ Արեւմտեան Ասիոյ (Ուապա) ախոյեան` իր վերջին մրցումին պարտութեան մատնելէ ետք Իրանը 74-73 արդիւնքով: Վերջինս 5-րդ մրցումն էր, որուն ընթացքին Լիբանան ձեռք ձգեց իր 5-րդ յաղթանակը` նախապէս յաղթելէ ետք Իրաքի, Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ հաւաքականներուն: Փաթրիք Սապայի գլխաւորած խումբը այս ձեւով շահեցաւ իր տոմսը Ասիոյ ախոյեանութեան … Read more

2026-ի Մոնտիալ. Այսօր` Անգլիա – Արժանթին

Այսօր Աթլանթայի մէջ ժամը 22:00-ին Անգլիա եւ Արժանթին պիտի մրցին 2026-ի Մոնտիալի աւարտականի տոմսին համար: Ասիկա երկու խումբերուն միջեւ Մոնտիալի պատմութեան 6-րդ ճակատումն է, որ 1982-ի Ֆոլքլենտ կղզիներու հարցէն ետք «թշնամական» բնոյթ կ՛ունենայ: Առաջին անգամ 1962-ի Մոնտիալին (Չիլիի մէջ) Անգլիա կրցած էր 3-1 արդիւնքով յաղթել Արժանթինին, ապա 1966-ին, քառորդ աւարտականին Անգլիա 1-0 արդիւնքով կրցած էր … Read more