Եւրոպական Միութեան խորհուրդը 13 յուլիսին սկսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գործընկերային առաքելութիւնը («Ի. Եու. Փի. Էմ. Հայաստան»)` իր ապահովական եւ պաշտպանական ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Այդ խորհրդատուական քաղաքացիական առաքելութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն` բարելաւելու երկրի դիմակայունութիւնը խառնածին սպառնալիքներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` զարգացող ապահովական մարտահրաւէրները հասցէագրելու: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Պաշտօնապէս այս տարուան 21 ապրիլին հիմնադրուած առաքելութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանի կարողութիւններուն` դիմակայելու նման խառնածին սպառնալիքներուն: Առաքելութիւնը Հայաստանի ազգային հաստատութիւններուն պիտի տրամադրէ ռազմավարական խորհրդատուութիւն, թեքնիք փորձագիտական աջակցութիւն եւ պիտի օժանդակէ հաստատութենական կարողութիւններու զարգացման:
Ի լրումն` առաքելութիւնը պիտի տրամադրէ գործնական, գործառնական խորհրդատուութիւն եւ պիտի հաստատէ յատուկ նախագծային բջիջ` իրականացնելու իր լիազօրութեամբ նախատեսուած թիրախային գործողութիւններ, միջազգային գործընկերներուն հետ սերտ համագործակցութեամբ: «Ի. Եու. Փի. Էմ. Հայաստան»-ը ոչ գործադիր առաքելութիւն է եւ դերակատարութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որոշումներու տուչութեան գործընթացին մէջ, կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Նախորդ շաբաթ Եւրոպական Միութիւնը ներկայացուց Հայաստանի համար տնտեսական եւ քաղաքական աջակցութեան մեծ թղթածրարը` օգնելու դիմակայել Ռուսիոյ ճնշման: Այսօր մենք այնտեղ կը տեղակայենք Եւրոպական Միութեան նոր առաքելութիւն», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս` ընդգծելով. «Եւրոպական Միութիւնը դիմակայուն, անկախ Հայաստանի եւ ինքն իր ճակատագիրը ընտրելու հայ ժողովուրդի իրաւունքի մեծագոյն պաշտպանն է: Մենք պիտի երաշխաւորենք, որ Հայաստանը միայնակ չմնայ արտաքին հարկադրանքին դէմ յանդիման»:
Առաքելութեան սկզբնական լիազօրութեան ժամկէտը երկու տարի է, անիկա հիմնականօրէն կազմուած պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ գործուղուած փորձագէտներէ: 11 յունիսին առաքելութեան ղեկավար նշանակուած է Քոսմին Կէորկէ Տինեսքուն, որ Մոլտովայի մէջ Եւրոպական Միութեան գործընկերային առաքելութեան առաջին ղեկավարն է:
«Ի. Եու. Փի. Էմ. Հայաստան»-ը ստեղծուած է Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքով եւ մաս կը կազմէ Եւրոպական Միութեան աւելի լայն եւ հետեւողական մօտեցման, որ կը համատեղէ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ աջակցութիւնը` Հայաստանի ազգային ապահովութեան ամրապնդման նպաստելու համար: Անիկա արտացոլացումն է Եւրոպական Միութեան վճռական յանձնառութեան` աջակցելու երկրի դիմակայունութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն», կը նշէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը` համոզմունք յայտնելով, որ նոր առաքելութիւնը պիտի օգնէ Հայաստանին աւելի լաւ կանխելու, յայտնաբերելու խառնածին սպառնալիքները: