Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի համոզումով` Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին առնուազն մինչեւ գալիք ձմեռ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Այս մասին ես զրուցած եմ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղարի եւ նախագահ Զելենսքիի հետ: Այս պահու դրութեամբ, հաշուի առնելով Ռուսիոյ կարծր դիրքորոշումը, քիչ հաւանական կը թուի, որ տեսանելի պիտի ըլլայ զինադադարի կամ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ համաձայնութիւններ ձեռք բերել», նշած է Թուսք:
Լեհաստանի կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, «Բոլորին սպասումը այն է, որ Ռուսիան նոր մագլցումի պիտի դիմէ` ուզելով պատերազմը առնուազն մինչեւ ձմեռ երկարաձգել»: