Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի բարձր գնահատեց «կայսերապաշտական տիրակալութեան» դէմ Եմէնի դիմացկունութիւնը` աւելցնելով, որ ատիկա փաստ է, թէ «գերիշխանութիւնը ծախու չէ»:
Ազիզի նշեց, որ Եմէնը «յանուն ամբողջ շրջանին առանձին կանգնած է կայսերապաշտական տիրակալութեան դէմ, երբ, ինչպէս ան ըսած է, «շրջանի որոշ կառավարիչներ գերիշխանութիւնը կը սակարկեն դատարկ խոստումներու դիմաց»:
Իրանցի պաշտօնատարը աւելցուց, որ հակառակ պաշարումին ու ռմբակոծման Եմէնը «չէ ընկրկած», եւ անոր անսասանութիւնն ու ըմբոստացումը կ՛ապացուցեն, որ գերիշխանութիւնը վաճառքի ենթակայ չէ:
Ազիզի նաեւ յայտարարեց, թէ Հըզպալլան, Համասն ու իրաքեան դիմադրութիւնը «ճշդուած ժամուն պիտի բացայայտեն իրենց վճռական հակադարձութիւնը»: