Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պիտի գումարեն ժողով մը` քննարկելու ներկայ զարգացումներն ու գործադրման շարունակութիւնը «եռակողմ շրջագիծին», որ տակաւին Լիբանանի գերիշխանութեան ու Իսրայէլի անվտանգութեան վերականգնման միակ գործադրելի գործիքակազմն է:

Պաշտօնատարը նաեւ յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ պաշտօնական բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը հոկտեմբերին պիտի գումարուի Հռոմի մէջ:

Leave a Comment