Դեսպան Բաղդասարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Դեսպան Բաղդասարեան նախագահ Աունին յանձնեց երկու նամակներ. առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեանի կողմէ, որ կը պարունակէր Հայաստան այցելելու հրաւէր մը, իսկ երկրորդը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նամակ մը, որ կը ներառէր հրաւէր` մասնակցելու Երեւանի մէջ 23 յուլիսէն 1 օգոստոս 2027-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ֆրանսախօս երկիրներու 10-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան:

Leave a Comment