Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու նախարար Ահմետ Հաժժարը եւ խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ անձնաւորութիւններու, դեսպանատուներու, մարմնակրթական ու սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներու, տուին մամլոյ ասուլիս մը` յայտարարելու 15 սեպտեմբերէն 21 սեպտեմբեր նախարարաց խորհուրդին որդեգրած մարզական շաբթուան ծրագիրը:
Պայրագտարեան յոյս յայտնեց, որ մարմնակրթութեան շաբաթը ազգային նոր յոյս պիտի բերէ, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն` ընդգծելով, որ մարմնակրթութիւնը միայն ախոյեանութիւններ չէ, այլ նաեւ` հայրենիքի պատկերը` նշելով, որ նախարարութիւնը ջանք չի խնայեր մարմնակրթութեան ոլորտը զարգացնելու քանի մը նախաձեռնութիւններու միջոցով, որոնք մարմնակրթութիւնը կը վերադարձնեն իր բնական դիրքին` բարձրացնելու Լիբանանի ներկայութիւնն ու դիրքը միջազգային ասպարէզի մէջ:
Ան ըսաւ, որ «Մարզական շաբաթ» նախաձեռնութիւնը, որ նախարարաց խորհուրդի հաւանութեան արժանացած է` հիմնուելով եւրոպական մարմնակրթութեան շաբթուան բնորդին վրայ, յստակ ուղերձ է, որ Լիբանանը ի վիճակի է ստեղծելու իրեն արժանի կերպար եւ զայն իրականացնել` աւելցնելով, որ այս գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ լիբանանեան տարբեր տարածքներ:
Պայրագտարեան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց մարզական շաբթուան ծրագիրը, որ կը ներառէ նախարարութիւններու միջեւ մինի ֆութպոլի մրցումներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքներու եւ գիւղերու մեծ մասնակցութիւն:
Ծրագիրը նաեւ կը ներառէ ակադեմական սեմինարներ 4 տարբեր համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ պասքեթպոլի մրցում եւ շարք մը մարզական միջոցառումներ, որոնք «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ պիտի միաւորեն դեսպաններն ու դիւանագիտական առաքելութիւնները: Մրցումները ուղիղ կերպով պիտի սփռուին «Էմ.Թի.Վի.»-էն:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ֆութպոլի մրցում, որուն պիտի մասնակցին խորհրդարանի անդամները, այս մրցումը նոյնպէս ուղիղ կերպով պիտի սփռուի: