Երէկ երեկոյեան, «Պեշիր Ժեմայէլ» հաստատութեան կազմակերպութեամբ Էշրեֆիէի Սասին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի սպանութեան 44-ամեակի բազմամարդ նշումը: Ներկաներու շարքին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Ոգեկոչման ձեռնարկին խօսք առնելով` նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի որդին` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը յայտնեց, որ մեծ յուսախաբութիւն կայ պետութեան անկարողութենէն եւ բացակայութենէն` աւելցնելով, որ ուրիշներ պիտի չկարենան կատարել պետութեան աշխատանքը: Ժեմայէլ ըսաւ, թէ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի պարտականութիւնը չէ լիբանանցիները փրկել անօրինական զէնքէն:
«Խաղաղութիւնը յանձնուողականութիւն չէ, ո՛չ ալ Թապու, անիկա անհրաժեշտութիւն է, եթէ կը բխի Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի, յատկապէս հարաւային Լիբանանի եւ շիիներու շահերէն: