«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը նշեց, որ Լիբանանն ու Ֆրանսան կը ձգտին երկարաձգել Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժի` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, նախքան յառաջիկայ 31 դեկտեմբերին անոր աւարտը:
Բրիտանական օրաթերթը, մէջբերելէ ետք իր տեսած նամակն ու լաւատեղեակ աղբիւրներ, կը գրէ, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած իր նամակին մէջ կը նշէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը դադրեցնելը վաղաժամ պիտի ըլլայ, եւ կոչ ուղղած է` զայն սահմանափակ ժամանակով երկարաձգելու:
Լաւատեղեակ երեք աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Ֆրանսան ու Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկումներու ընթացքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են լիբանանեան խնդրանքին, հակառակ իսրայէլեան կառավարութեան բուռն ընդդիմութեան:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ «շատ ուշացած կերպով» անդրադարձած են, թէ անհրաժեշտ է երկարաձգել ՖԻՆԻՒԼ-ի կարգ մը առաքելութիւնները, որոնք ձեւով մը պիտի ջնջուին` աւելցնելով, որ այդ երկարաձգման ձեւը տակաւին չէ յստակացած:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն Ապահովութեան խորհուրդին մէջ փակ նիստի ընթացքին յայտնած է, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ը «տարիներով ձախողած է» իրեն վստահուած առաքելութիւնը իրագործել, ինչպէս նաեւ ձախողած է Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինուորական կուտակումը արգիլել:
Ան աւելցուցած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալու որոշումը «իրողապէս տրուած է», եւ անկէ ետդարձ կատարելու պատճառ չկայ:
ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի դեսպան Ահմետ Արֆան Լիբանանի նամակին մէջ յայտնած է, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կացութիւնը «արմատական կերպով փոխուեցաւ», եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալը կարիքը ունի մանրամասն վերաքննութեան` ապահովական որեւէ բացի ստեղծումէն խուսափելու համար: